Էնթընի Ալպանեզէ իր յաղթանակը նշեց 2025 դաշնային ընտրութիւններուն, մինչ Աշխատաւորական Labor երկրորդ շրջան մը եւս պիտի կառավարէ աւելի շատ մեծամասնութեամբ մը:
Սիտնիի մէջ, Պարոն Ալպանեզէ իրեն նեցուկ կանգնողներուն ըսաւ որ վարչապետի պաշտօնին ծառայելը, իր կեանքի ամենամեծ պատիւն է:
"Պարկեշտութեան խոր զգացումով և պատասխանատուութեան խոր զգացումով է որ առաջին բանը որ կ'ընեմ այս գիշեր Աւստրալիոյ ժողովուրդին կ’ըսեմ 'շնորհակալութիւն' առիթին համար որ շարունակեմ ծառայելու աշխարհի ամենալաւ երկրին," ըսաւ ան:
"Այսօր, աւստրալիացի ժողովուրդը քուէարկեց աւստրալիական արժէքներուն համար. բոլորին համար արդարութեան, փափաքներու և հնարաւորութիւններու համար:
"Աւստրալիացիներ քուէարկեցին ապագայի մը համար որ այս արժէքները կը յարգէ, ապագա մը կերտուած այն ամէն ինչի վրայ որ բոլորս միասին կը բերէ:"
Աշխատաւորական Labor պիտի կարենայ առանձին կառավարել խորհրդարանին մէջ աւելի մեծ թիւով:
Լէյպըրի շահած աթոռներէն մէկը ընդդիմութեան ղեկավար Փիթըր Տաթթընի Քուինզլանտի Տիքսըն աթոռն է:
Տաթթըն կորսնցուց Լէյպըրի Էյլի Ֆրանս-ին: Այս առաջին անգամն է որ ընդդիմութեան ղեկավար մը իր աթոռը կը կորսնցնէ դաշնային ընտրութեան մը ընթացքին:

Australian Liberal Party leader Peter Dutton, third left, stands with his family as he makes his concession speech following the general election in Brisbane. Source: AP / Pat Hoelscher/AP
"Ընտրապայքարի ժամանակ չյաջողեցանք և այդ շատ ակնյայտ է այս գիշեր," ըսաւ ան:
"Հանրային կեանքին մէջ միշտ ուզած եմ լաւագոյնը մեր երկրին համար և լաւագոյնը իւրաքանչիւր աւստրալիացիի համար:"
"Պատմական առիթ մըն է Լէյպըր կուսակցութեան համար և մենք կը ճանչնանք զայն:"
Պարոն Ալպանեզէի կողմէ յայտարարուած քաղաքականութիւններու մաս կը կազմեն առաջին տուն գնողներուն թոյլ տալ որ կալուածներու շուկայ մտնեն 5 տոկոս աւանդով մը, միեւնոյն ժամանակ խոստանալով $10 միլիառ տոլար կերտելու համար 100,000 նոր տուներ:
Ան խոստացաւ նաեւ $8.5 միլիառ տոլար բժիշկներուն համար նպատակ ունենալով զօրացնել Մետիքէրը:
Լէյպըր խոստացաւ նաեւ $2.3 միլիառ տոլար ֆինանսաւորելու համար արեւու ուժի տնային մարտկոցները և խոստացաւ ապօրինի դարձնել հանրախանութներու կողմէ գիներու չարաշահումները: